Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

44 օրեայ պատերազմի պատճառով ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) «Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ» յատուկ դասընթացքը մշակեց: Դասընթացքը պատրաստուած է փորձագէտներու եւ նշանաւոր մասնագէտներու կողմէ եւ տեղադրուած է ել. ուսուցման հարթակին: Նպատակն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային անվտանգութեան խնդրիրներով հետաքրքրուողներուն եւ յանձնառուներուն ծանօթացնել ռազմավարութեան ծրագրաւորման լաւագոյն գործառքները:
Այս դասընթացքը կը ներկայացուի IRC (շահագրգռուածութիւն, լուծում, կարելիութիւն) մեթոտով, խիստ անորոշ միջավայրերը գնահատելու, իսկ ազգային անվտանգութեան գաղափարն ու կիրառումը աւելի հասկնալի դարձնելու միտումով:
Պատրաստուած է խաղ-վարժութիւնով, քարտէզներով, որոնք կ'օգնեն գիտելիքները գործնականօրէն կիրառելու եւ ծրագրաւորելու աշխատանքին:
Դասերուն մէջ կայ նախապէս պատրաստուած յատուկ նիւթ, որ կ'օգնէ ուսանողներուն հասկնալու դասի ընթացքը, նիւթերը: Կազմուած է փորձագէտներու կողմէ եւ կ'օգնէ տարբեր իրավիճակները եւ Հայաստանի գալիք ուղիները եւ ռազմավարական հնարաւորութիւնները գնահատելու աշխատանքին: